Բարեգործական փրկարարական նաւը Միջերկրական ծովուն մէջ գերբեռնուած փայտէ նաւակէն 76 փախստականներ վերցուցած եւ շարժած է դէպի Իտալիոյ հարաւային Նափոլի նաւահանգիստ, յայտնած է Reuters՝ վկայակոչելով EMERGENCY բարեգործական կազմակերպութեան յայտարարութիւնը։
Շաբաթ օր Սիկիլիոյ հարաւը գտնուող Էմփետոկլ նաւահանգիստին մէջ 59 փրկուած փախստականներ տեղափոխող մէկ այլ նաւ խարիսխ նետած է:
Ուրբաթ գիշեր Մալթայի որոնողափրկարարական գօտիի միջազգային ջուրերուն մէջ գտնուած 76 մարդոց կարգին եղած են 7 կին եւ 24 երեխայ, յայտնած է EMERGENCY բարեգործական կազմակերպութիւնը:
12 մեթրնոց նաւը, ուր եղած են փախստականները, հինգշաբթի ուշ երեկոյեան լքած է Լիպիան, իսկ փրկուածները Եգիպտոսէն, Էրիթրիայէն, Եթովպիայէն եւ Սուրիայէն են։
Իտալիոյ իշխանութիւններն օգնած են համակարգելու փրկարարական աշխատանքները, եւ կ'ակնկալուի, որ բարեգործական նաւը Նափոլի ժամանէ երկուշաբթի օր:
Open Arms ՝ Միջերկրական ծովու մէջ առաքելութիւններ ունեցող մէկ այլ բարեգործական կազմակերպութիւն, ըսած է, որ իր փրկարարական Astral զբօսանաւը հասած է Սիկիլիա՝ 59 հոգիով, ներառեալ՝ հինգ երեխայ, որոնցմէ երկուքը ընդամէնը քանի մը շաբաթական էին:
Open Arms Իտալիոյ իշխանութիւններէն խնդրած է նաւահանգիստ տրամադրել այն բանէն յետոյ, երբ անոնք յայտնած են, որ ի սկզբանէ յանձնարարուած է փախստականները վերադարձնել Թունուզ:
Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն՝ Իտալիան, որ հարիւր հազարաւոր ապաստան հայցողներու եւ այլ փախստականներու համար դէպի Եւրոպա գլխաւոր ուղին է, այս տարի ծովով ընդունած է մօտ 95,000 մարդ, ինչ որ կրկնակի կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը։