image

Միացեալ Նահանգներ. Մահացած է Հայ Աւետարանական Համայնքի նուիրեալներէն՝ Միքայէլ Եուսուֆեանը՝ «Միքայէլ եղբայր»ը

   Միացեալ Նահանգներ. Մահացած է Հայ Աւետարանական Համայնքի նուիրեալներէն՝ Միքայէլ Եուսուֆեանը՝ «Միքայէլ եղբայր»ը

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայ Աւետարանական համայնքի նուիրեալ եւ պատկառելի երէց անդամներէն՝ Միքայէլ Եուսուֆեանը, յայտնի «Միքայէլ եղբայր» անուանումով։

 «Արեւելք» այդ մասին իմացաւ Մերձ. Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան դիմատետրի էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած մահագրականը։

 

Միքայէլ Յ. Եուսուֆեան (1931-Պէյրութ -- 2024-Փասատինա)՝ նուիրեալ քրիստոնեայ, պերճախօս քարոզիչ, տաղանդաւոր գրող եւ խմբագիր, եւ հմուտ ճարտարապետ, 26 Մայիսին ի Տէր ննջեց մեծ եւ արժեքաւոր վաստակ իր ետին թողելով։ 

Իր մահուան առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէ «Միքայէլ Եղբօր» պատկառելի աշխատանքին համար՝ Միութեան զանազան կառոյցներու յատակագիծի պատրաստութեան եւ անոնց իրականացման համար։ Վաթսունական թուականներուն այդ աշխատանքներու շարքին են Հայ Աւետ. Գոլէճ, Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Դպրոց, Թորոսեան Միջնակարք Վարժարան, Թրատի Վարժարան, Կէրթմէնեան Վարժարան, Բեթանիա Վարժարան, եւ ուրիշ շինութիւններ։ 

Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Քրիստոսով մեր եղբօր ընտանիքին, մանաւանդ իր տիկնոջ Արփիին, եւ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք Աստուծոյ, որ Միքայէլ Եուսուֆեանի հաւատքով կատարած բոլոր գործերը, Տէրոջը օրհնութեամբ, բազմապատկուին, Յիսուս Քրիստոսի փառքին համար։