Տաք եղանակին հետեւանքով անտառային մեծ հրդեհ մը ծագած է Լիբանանի հիւսիսային Աքքար նահանգին մէջ։
Այս մասին լուրը քաղեցինք lebanon 24 կայքէն։
Կը նշուի, որ «Քըպայաթ» աւանին մէջ ծագած հրդեհը, որ պատճառ դարձած է մեծ վնասներու նաեւ պաշարած է քաղաքացիները, իրենց բնակարաններուն մէջ։
ԱԻՆ ուժեր վրայ հասնելով օգնած եւ տարհանած են 17 քաղաքացիներ, որոնք կը գտնուէին ծանր վիճակի մը մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ հրդհներ ծագած են նոյնպէս «Հըրմէլ» շրջանին մէջ։