Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսած է, թէ Ռուսաստանը պատրաստ է իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման:
«Մենք պատրաստ ենք պատշաճ կերպով պաշտպանելու մեր երկրին շահերը, անոր անվտանգութիւնը եւ մեր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», նշած է ան:
Ռուսաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու մասին Լաւրով ըսած է, որ թոյլ պիտի չտան, որ անոնք անվերջ քննարկման առարկայ դառնան, «փաթթուին» ԵԱՀԿ-ի կամ Եւրոմիութեան մասնակցութեան առաջարկներուն մէջ:
«Եթէ կառուցողական պատասխան չհետեւի եւ Արեւմուտքը շարունակէ իր յարձակողական ընթացքը, ապա Մոսկուան, ինչպէս բազմիցս յայտարարած է նախագահը, պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ պատասխան միջոցներու», յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը: