image

Մարտերը տեղի կ՚ունենային իշխանասարի մերձակայքը

Մարտերը տեղի կ՚ունենային իշխանասարի մերձակայքը

Նոյեմբեր 16-ին ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիի Սիսիանի ուղղութեամբ քանի մը ժամ ընթացած մարտերու տեղանքին ամենամօտը Իշխանասար գիւղն էր: Բնակիչներուն համար կատարուածը անսպասելի եղած է:

«Կրակում էին՝ ոչ գիւղի ուղղութեամբ, բայց վերեւներում կար, խառն էր վիճակը: Մառախուղ էր երէկ, չէր նկատւում՝ ինչ էր, ինչ չէր, բայց կրակոցների ձայներ կային: Ուղիղ գծով մարտական գործողութիւնների հատուածից գիւղը երեւի մօտ 7 քմ է հեռու», պատմեց գիւղացիներէն մէկը:

Գիւղի մէկ այլ բնակիչի խօսքով՝ կրակոցներու եւ պայթիւնի բարձր ձայներ լսած են. «Կրակոցներ ենք լսել, վախենալու էր՝ պայթիւնի բարձր ձայներ կային, ամենամօտը մենք ենք, այստեղից աւելի վերեւ այլ գիւղ չկայ:

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Նոյեմբեր 16-ի ժամը 18։30-էն, ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին մէջ կրակը դադրեցուած է, իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունացած է։