image

Մահացած է Ալճերիոյ նախկին նախագահը

Մահացած է Ալճերիոյ նախկին նախագահը

Ալճերիոյ նախկին նախագահ Ապտըլ Ազիզ Պու Թաֆլիքան մահացած է 84 տարեկան հասակին: Ան եկրիրը ղեկավարեց 20 տարի՝ մինչեւ Ապրիլ 2019-ին հրաժարական տալը, երբ փողոցային ցոյցերը մերժեցին անոր թեկնածութիւնը հինգերորդ ժամկէտի համար:

Ապտըլ Ազիզ Պու Թաֆլիքա 1956-ին միացած է Ազգային ազատագրական բանակին: Կը ներգրաւուի մարտերու մէջ եւ շուտով բարձր պաշտօններ կը ստանձնէ Ալճերիոյ ազատագրական յեղափոխութեան ղեկավարութեան մէջ: Ան կը մասնակցի ռազմական գործողութիւններու եւ շտաբի հրամանատարութեան, այնուհետեւ՝ Գլխաւոր շտաբի հրամանատարութեան: 

Անոր առաջադրանքներ յանձնարարուած են Ալճերիոյ՝ Մալիի սահմանին: Այնտեղէն ան յայտնի էր իր «Ապտըլ Քատիր ալ Մալի» ռազմական անունով: