Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըսի շրջանային վերահսկիչ խորհուրդը միաձայն հաւանութիւն տուած է 2024 թուականի ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու առաջարկին` ոգեկոչելով աւելի քան 1,5 միլիոն անմեղ կեանք խլած ոճրագործութեան 109-րդ տարելիցը: Այս մասին յայտնած է Pasadena Now-ն։
Առաջարկը ներկայացուած է Փասատենան ներկայացնող վերահսկիչ Քեթրին Պարքըրի կողմէ։ Առաջարկի համահեղինակ է նաեւ վերահսկիչ Հիլտա Սոլիսը:
Քեթրին Պարկըր յայտարարած է, որ կարեւոր է անցեալէն դասեր քաղելը՝ շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշելը հնարաւորութիւն կու տայ սգալ աւելի քան 1․5 միլիոն անմեղ կեանքերու կորուստը։
Վերահսկիչ Հիլտա Սոլիսն ալ նշած է, որ կը յարգեն հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը, որ իր կեանքը վերակառուցած է ոչնչէ, այդ շարքին՝ Լոս Անճելըսի մէջ։
«Եկէք վերստին պարտաւորուինք եւ վստահ ըլլանք, որ մենք երբեք պիտի չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, եւ որ միշտ հանդէս պիտի գանք ատելութեան եւ վայրագութիւններու դէմ, ուր ալ որ ատոնք ըլլան»,- ըսած է ան: