Լիթուանիան Հայաստանին փոխանցած է «Քովիտ-19»-ի դէմ «Մոտերնա» ընկերութեան պատուաստանիւթի 50 հազար դեղաչափ, որու մասին օրեր առաջ յայտնած էր Լիթուանիոյ վարչապետը։
Պատվաստանիւթի փոխանցման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան՝ Վիլնիւսի օդակայանին մէջ, երբ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը վերադառնար Հայաստան:
Լիթուիան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է՝ ի պատասխան Հայաստանի խնդրանքին, որ հիմնուած է երկկողմ համաձայնութեան վրայ` ԵՄ պատուաստանիւթերու փոխանակման մեխանիզմին միջոցով:
Պաշտօնական այցի ընթացքին Լիթուիայի եւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարները ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր։ Այս առաջին դէպքն է, երբ Լիթուիան նուիրաբերած է «Մոտերնա»-ի պատուաստանիւթ: