Օրերս Կիպրոսի Լիմասոլ եւ Պաֆոս քաղաքներուն մէջ հովուական իր առաքելութինը ստանձնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ժրաջան դէմքերէն՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան մասնակից դարձած է Կիպրոսի մէջ իգրայատուկ կերպով նշուող «ՕԽԻ» տօնի արարողութեանց։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Լիմասոլի նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան իր անդրանիկ պատարագէն ետք առաջին շաբթուայ ընթացքին պաշտօնական այցելութիւններ կատարեց նախկին Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն բնակարանները, այդ կարգին այցելեց նաեւ մեզմէ յաւերժ հեռացած նախկին Հոգաբարձու Ատենապետին այրի տիկնոջ բնակարանը։ Պաշտօնական այցելութիւններու ծիրեն ներս Հայր Սուրբը, ընկերակցելով Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսին՝ այցելեցին Կիպրոսի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Լիմասոլի Մետրոբոլիթ Տ. Աթանասիոս Եպիսկոպոսին:
Ընդառաջելով Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Լիմասոլ Համայնքի փափաքին՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան այսօր (28-10-2024) պաշտօնապէս ներկայ գտնուեցաւ Հոկտեմբեր 28-ի Յունական “ՕԽԻ” տողանցքին։ Լիմասոլի շրջանի եկեղեցապետեր եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ մեծապէս գնահատեցին տողանցքին մեր Հոգեւոր Հովիւի ներկայութիւնը։
Հայր Սուրբի կատարած բոլոր այցելութիւններու ժամանակ անոր կ՛ընկերակցէր Լիմասոլի Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար․ Ս․ Արմենակեան։