image

Լիբանանի ընտրութիւններ. «Ազգային ազատ հոսանք»ը լիբանանցիներուն անակնկա՞լ պիտի մատուցէ

 Լիբանանի ընտրութիւններ. «Ազգային ազատ  հոսանք»ը լիբանանցիներուն անակնկա՞լ պիտի մատուցէ

Այսօր առաւօտուն  ընթացք առած Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւնները կը շարունակուին բնականոն հունով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն կը քաղէ Լիբանանեան  լրասփիւռներէ։ 

Մեր ունեցած տուեալներով մինչեւ այս պահը ապահովական մտահոգիչ  միջադէպէր չեն գրանցուած են  երկրի ողջ տարածքին կը շարունակուին ընտրութիւնները։

Ըստ «Ալ Նաշրա»  կայքին, դիտորդները կը նշեն, որ ընտրութիւններու օրուայ մեկնարկով ընտրատարածքներու մեծ մասին մէջ հանգիստ վիճակ կը նկատուի Ազատ ազատ հոսանքի շարքերուն մէջ` պայմանաւորուած հոսանքի եւ եւ անոր դաշնակիցներուն ընտրացուցակներուն նկատմամբ քուէարկողներուն ուղղուածութեամբ:

Ազատ ազատ հոսանքի ընտրամեքենան համաժողովրդական համակրանք նկատած է հոսանքի թեկնածուներուն նկատմամբ, որ կը թարգմանուի հոսանքի կողմնակիցներուն կողմէ խանդավառութեամբ եւ մղումով, որոնք նախապէս կը վարանէին վերընտրելու նարնջագոյն հոսանքի ընտրացանկերը: