image

Լիբանանի «արաբական սփիւռք»ի մէջ քուէարկութեան առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտեցաւ

Լիբանանի  «արաբական սփիւռք»ի մէջ քուէարկութեան առաջին փուլը  յաջողութեամբ   աւարտեցաւ

Ուրբաթ՝ Մայիս 6-ին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան տոկոսը կազմած է 60%, իսկ արձանագրուած արտերկրի լիբանանցի քուէարկողներուն ընդհանուր թիւը հասած է մօտ 18.000-ի։

Պու Հապիպ ըսած է, որ ընտրողներուն ամենաբարձր մասնակցութիւնը եղած է Սուրիոյ մէջ, որուն կը յաջորդէ Իրանը: Ան պարզաբանեց, որ շարք մը երկիրներու մէջ եղած են չարաշահումներ, արագօրէն կայացուած են համապատասխան որոշումներ՝ յաւելելով, որ առարկութիւններ արձանագրուած ընտրական գործընթացի պատշաճ ընթացքին վերաբերեալ, եւ իրենք լուծած են հարցերը»։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Կիրակի, Մայիս 15-ին: Իսկ արտերկրի մէջ գտնուող լիբանանցիները հնարաւորութիւն ունին իրենց ձայնը լսել դարձնելու երկու փուլով՝ առաջինը, երէկ էր, Մայիս 6-ին, ինը արաբական երկիրներու եւ Իրանի մէջ, իսկ Կիրակի, 8 Մայիսին, Արաբական Միացեալ ԷՄիրութիւններու եւ աշխարհի այլ 47 երկիրներու մէջ:

Ընտրութիւններուն ներկայացուած են 103 ընտրական ցուցակներ՝ 718 թեկնածուներով, բաշխուած 15 ընտրատարածքներու մէջ, խորհրդարանի 128 պատգամաւոր ընտրելու համար։