image

«Կրնան ըլլալ երկարաժամկէտ հետեւանքներ». ՄԱԿ-էն զգուշացում Խերսոնի պատահարին մասին

«Կրնան ըլլալ  երկարաժամկէտ հետեւանքներ». ՄԱԿ-էն զգուշացում Խերսոնի պատահարին մասին

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ընթացքին մասամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան վերահսկողութեան տակ անցած Խերսոնի մարզին մէջ Կախովկայի ջրելեկտրակայանի փլուզումը կրնայ հազարաւոր մարդոց համար ծանր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը տեղեկացած է BBC-էն, նման հետեւանքներու մասին նախազգուշացուցած է ՄԱԿ-ը:

ՄԱԿ-ի Մարդասիրական օգնութեան հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մարթին Կրիֆիթս յայտնած է, որ Կախովկայի ջրելեկտրակայանի մէջ աղէտի մաշտապները պարզ կը դառնան միայն յառաջիկայ օրերուն:

Մայիս 6-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ Մարթին Կրիֆիթսը նախազգուշացուցած է, որ հազարաւոր մարդիկ կանգնած են իրենց տուներէն, սնունդէն եւ անվտանգ ջուրէն զրկուելու վտանգի առաջ:

Հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են հեղեղուած բնակավայրերէն: Կան մտավախութիւններ, որ ջուրի մակարդակը կրնայ բարձրանալ: Այսօր զանգուածային տարհանումները կը շարունակուին:

BBC-ն արբանեակային լուսանկարներ ներկայացուցած է, որոնք ցոյց կու տան հեղեղման ծաւալները:

Ուքրանիոյ գլխաւոր դատախազի տեղակալ Վիքթորիա Լիթվինովան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ հարկաւոր է տարհանել, ընդհանուր առմամբ, 40 հազար մարդ՝ 17 հազար հոգի՝ Տնեփր գետի արեւմտեան ափէն, Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն, ինչպէս նաեւ 25 հազար հոգի՝ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան հատուածներէն: