Պէյրութէն վերահասու դարձանք, որ Լիբանանահայ երիտասարդ Ժանօ Քիւրքճեան (Ծն. 1973-ին Լիբանան) մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։
Կը նշուի, որ մեր հայրենակիցը յաճախած է «Սէն Կրէկուար» եւ «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանները, որմէ ետք ալ նետուած է կեանքի ասպարէզ։
Հիմնած է հայաբոյր օճախ ամուսնանալով Կարինէ Գույումճեանին հետ եւ դարձած հայր երկու զաւակներու ՝Եղիա եւ Սարին։
Վերջին օրերուն բուռն պայքար տարած է «Քորոնա»ի դէմ եւ հակառակ բժիշկներուն ցոյց տուած անհրաժեշտ օգնութեան փակած է իր աչքերը յաւիտենութեան մէջ։
Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը կատարուած է («Քորոնա»ի սահմանափակումներուն պատճառով) Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Յիշեցնենք, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին «Քորոնա»ի ծանր ալիք մը կը հարուածէ Լիբանանը, որ առանց այդ ժահրին ալ կ՚անցնի դժուարագոյն պայմաններէ։