image

Լիբանան. Ընտրական օրէնքը այսօր պիտի տապալի

Լիբանան. Ընտրական օրէնքը այսօր պիտի տապալի

Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդը այսօր վճռական նիստ կը կատարէ՝ յայտարարելու «Ուժեղ Լիբանանը» խմբակցութեան կողմէ ընտրական օրէնսդրութեան փոփոխութիւններուն վերաբերեալ բողոքարկման իր վերանայման արդիւնքը։

Նստաշրջանին նախորդած են բազմաթիւ շփումներ, նպատակ ունենալով համաձայնութեան գալ կառավարութեան նիստերու վերադարձին շուրջ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան մեխանիզմին շուրջ վէճէն ետք մօտ երեք ամիս ընդհատումէն յետոյ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին՝ սահմանդրութեան յանձնառու մնալուն պատճառով, որ  կ'ենթադրէ նախագահներն ու նախարարները քրէական հետապնդումի ենթարկել Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան դատական բարձրագոյն խորհուրդին մօտ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հերքած է, որ երէկուայ հանդիպման ժամանակ իր եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ որեւէ խնդիր եղած է: Ան յաւելեց. «Այն ամէնը ինչ շրջանառուած է՝ հաղորդուած է ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ», ընդգծելով, որ «ոչ մէկ հիմք կայ այս ամբողջ սենարին համար եւ ես ի սկզբանէ անոր չեմ մասնակցած»։

Ինչ կը վերաբերի Միքաթիի հետ յարաբերութիւններուն, խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ «մեր միջեւ որեւէ խնդիր չկայ, եւ մեր յարաբերութիւնները գերազանց են, եւ կարիք չկայ հաստատելու այս հարցը», յաւելելով. «Ես մասնակից չեմ վարչապետի դիքրին եւ անոր անձին հաշուոյն գործարքի»

։