Որոշ երկիրներ կը խոչընդոտեն Սուրիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի բանաձեւերու իրականացումը Ասթանայի ծիրին մէջ: Մոսկուան ընդգծած է սուրիական կարգաւորման հետ կապուած ՄԱԿ-ի 2254 բանաձեւի կատարման անհրաժեշտութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան յայտնած է, որ իր ռուս գործընկեր Սերգէյ Լաւրովի հետ քննարկած է երկու երկիրներու միջեւ վիզաների չեղարկման եւ երկու երկրների միջեւ առեւտրային փոխանակման ծաւալների աւելացման հարցը:
Անդրադառնալով միջուկային համաձայնագրի բանակցութիւններուն` Ապտըլ Լահեան նշած է, որ «անոնց ճանապարհը շատ բարդ է», յաւելելով որ «պահանջներ եւ հակապահանջներ միշտ կան, եւ այդ ժամանակ կը պահանջէ, բայց մենք պէտք է շարունակենք բանակցութիւններու ճանապարհը: Մենք համաձայնագրի տեսլական ունինք եւ բոլորին կոչ կ'ընենք երթալու դիւանագիտութեան ճանապարհով:
Իր հերթին Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրով ըսած է. «Մենք կեդրոնացած ենք տնտեսական հարցերու եւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի անօրինական քայլերուն վրայ»:
Ան բացատրած է, որ «որոշ երկիրներ կը խոչընդոտեն Սուրիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի բանաձեւերու իրականացումը Ասթանայի ծիրին մէջ», յաւելելով որ Մոսկուան ընդգծած է սուրիական կարգաւորման հետ կապուած ՄԱԿ-ի 2254 բանաձեւի կատարման անհրաժեշտութիւնը` կոչ ընելով ՄԱԿ-ի մէջ քննարկելու նաեւ վերջին՝ Դամասկոսի միջազգային օդակայանին թիրախաւորման հարցը:
«Ցաւօք, վերջին միջադէպը շատ վտանգաւոր է: Քաղաքացիական օդակայանին վրայ յարձակումը փաստացիօրէն մի քանի շաբաթով կանգնեցուց այդ օդակայանը: Դեռ չենք խօսիր այն խնդիրներուն մասին, որոնք յառաջացած էին օդային մարդասիրական պաշարներ մատակարարելու անկարողութեան պատճառով»: