Քիչ առաջ լարուած իրավիճակ կը տիրէր կառավարութեան շէնքին մօտ: Պատգամաւորներ, որոնք ունին անձեռնմխելիութիւն, փորձեցին մուտք գործել կառավարութեան շէնք եւ բախեցան ոստիկանութեան բուռն դիմադրութեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հրմշտուք ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ:
Աւելի ուշ, ոստիկանական ուժեր բերման ենթարկեցին բողոքի շարժման մասնակիցներէն խումբ մը երիտասարդներ:
Այս պահուն իրավիճակը հանդարտ է եւ ցուցարարները կը շարունակեն մնալ կառավարութեան շէնքին դիմաց: