Ինչպէս աւանդութիւն է, այս տարի եւս կազմակերպութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ մարմնին տեղի ունեցած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման տարեդարձը։
Այս տարին նշուած է յատուկ փայլով ներկայութեամբ Արցախցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Արեւելք»ին յղուած լրատւութիւնը։
Ուրբաթ Մայիս 27-ին, Կիպրոսի մէջ տօնուեցաւ Հայաստանի Ա Հանրապետութեան 104-րդ տարեդարձը ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մարզադաշտին մէջ, կազմակերպութեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի եւ իր յարակից միութիւններուն։
Օրուայ բանախօսն էր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթիւր Թովմասեան, որ այս առթիւ, յատկապէս հրաւիրուած էր Կիպրոս։ Իր գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ Արցախի ՀՅԴ Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան եւ Ազգային Ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեան։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան Ներկաներուն հրամցուեցաւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր, ուր ազգագրական պարերով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Սիփան պարախումբը իսկ հայրենասիրական երգերով՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբը։
Երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ՝ պատանի Էտկար Էւոյեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Զարա Բարխութարեանի։ Ասմունքով ելոյթ ունեցան նաեւ ՀՅԴ Կիպրոսի Պատանեկան Միութեան անդամներ։
Յաջորդեց ճաշկերոյթ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի ակումբէն ներս։
Յաջորդ օրերու ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը հանդիպումներու շարք մը պիտի ունենայ քաղաքական եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։