image

Կամ նացիստները, կամ ալ հակառակորդները. Մետվետեւը Զելենսքիի մասին

Կամ նացիստները, կամ  ալ հակառակորդները. Մետվետեւը Զելենսքիի մասին

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին խաղաղ կարգաւորման կարիք չունի, վստահ է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը:

«Զելենսքին որեւէ խաղաղութեան պայմանագրի կարիք չունի, անոր համար խաղաղութիւնը վերջն է», Թելեկրամով ըսած է Մետվետեւ:

Այս վերջը, ըստ Մետվետեւի, կրնայ ըլլալ «կա՛մ արագ` նացիստներէն, որոնք զայն կը կախեն»` մոսկուացիներու հետ դաւադրութեան համար, կա՛մ աւելի դանդաղ` հակառակորդներու կողմէ, որոնք կը հասնին անոր հեռացման որպէս պատերազմը պարտուած նախագահ»:

Մետվետեւը մատնանշած է, որ «այդ կը վկայեն անոր շուրջը գտնուող տարբեր թափթփուկներ, որոնք կը վարկաբեկեն խաղաղութեան պայմանագիրը»:

«Ուստի Զելենսին կը շարունակէ փող եւ զէնք մուրալ Արեւմուտքէն` ապացուցելով, որ ինք խաղի մէջ է, որ ինք լիպերալ աշխարհի յոյսն է, որ ան եւրոպական ժողովրդավարութեան վերջին պատուարն է, որուն բաճկոնաւոր արջը (Ռուսաստանը) կ'ուզէ կտոր-կտոր ընել», ըսած է Մետվետեւ:

 «Զելենսքին պաշտօնին մնալու այլ ելք չունի, եթէ, ի հարկէ, բուն պաշտօնը պահպանուի», եզրափակած է Մետվետեւ: