image

Իսթանպուլը մեծ ռիսքի տակ...մտավախութիւնը՝ երկրաշարժն է

Իսթանպուլը  մեծ ռիսքի տակ...մտավախութիւնը՝ երկրաշարժն է

Պոլսոյ մէջ երկրշարժներ ուսումնասիրող գիտական կեդրոնը զգուշացուցած է, թէ յառաջիկայ 8 տարուան ընթացքին, Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ տարողութեամբ երկրաշարժ, որ պիտի սպառնայ 2 միլիոն մարդու կեանքին: 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Skynews կայքէն:

Աղբիւրը նշած թէ երկրաշարժներ ուսումնասիրող կեդրոնը պատրաստած է իր ցեկոյցը Պոլսոյ մօտակայքը գտնուող Մարմարայի երկրաշարժի 22-րդ տարելիցի առթիւ, որ 1999-ին 17 հազար զոհ խլեց եւ քանդեց 200 հազար բնակարան:

Կեդրոնի զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ յառաջիկայ 8 տարիներուն ընթացքին նուազագոյն 7,4 աստիճանի երկրաշարժ մը պիտի հարուածէ Պոլիսը, որուն հետեւանքները ահռելի պիտի ըլլան, նկատի ունենալով քաղաքին խճողուած եւ բազմաբնակ ըլլալու փաստը։ 

Զեկոյցին համաձայն, երկրաշարժը տեղի ունենալու պարագային, 700 հազար շէնք կ'ենթարկուի փլուզման: Թրքական իշխանութիւնները անցնող 22 տարուան ընթացքին, միայն 76 հազար շէնքի կառուցուածքը կրցած են փոխել, որպէսզի անոնք դառնան երկրաշարժներէ պաշտպանուած շէնքեր:

 

Աղբիւրը յիշեցուցած է թէ Թուրքիան եւ Իրանը կը համարուին երկրաշարժներու օճախ: Ճիշդ է թէ Թուրքիոյ երկրաշարժները բաղդատուած Իրանին թիւով աւելի քիչ են, բայց ուժգնութեամբ աւելի ուժեղ եւ աղէտաբեր։