image

Հեղեղներ Պոլսոյ մէջ. Իսթանպուլը դարձած է «Ջուրերու ծով...» (Տեսանիւթ)

 Հեղեղներ   Պոլսոյ մէջ. Իսթանպուլը դարձած է «Ջուրերու ծով...» (Տեսանիւթ)

 Պոլսոյ հայկական թաղամասերուն կամ այնտեղ գտնուող հայկական կառոյցներուն ու հայապատկան շէնքերուն մասին պիտի հաղորդենք լրացուցիչ։

Երէկ Իսթանպուլի վրայ կուտակուած անձրեւաբեր ամպերը  քաոսային իրավիճակ ստեղծած են քաղաքին մէջ։

 

 Այս մասին լուր տարածող աղբիւրներ մասնաւորապէս կը գրեն, որ քաղաքի հիմնական շուկաներն ու փողոցները յորդառատ անձրեւներու պատճառով ողողուած են ստեղծելով խուճապի մթնոլորտ մը։ 

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ քաղաքի մեթրոյի կայարաններէն մին կոսով չափ ողողուած է անձրեւաջուրով, իսկ ԱԻՆ փրկրարաներ ստիպուած եղած են ջուրերու մէջ յայտնուած գրադարանին մէջ եղող հարիւրաւոր քաղաքացիներ։ 

 Իսթանպուլի կուսակալը յայտարարած է, որ ողողումներուն հետեւանքով  զոհուած են երկու անձեր։ 

 Reuters Կը նշէ, որ հեղեղումները տեղի ունեցած են այն պահուն, երբ Իսթանպուլի ջուրի պաշարները համարեայ թէ հասած են զէրօ կէտի մը, բան մը որ կը համարուի աննախընթաց անցնող ինը տարիներուն ընթացքին։

 Պոլսոյ հայկական թաղամասերուն կամ այնտեղ գտնուող հայկական կառոյցներուն ու հայապատկան շէնքերուն մասին պիտի հաղորդենք լրացուցիչ։