image

Իսրայէլի զօրավարները եղած ձախողումները՝ «ձեռքէ-ձեռք» իրար կը փոխանցեն

Իսրայէլի զօրավարները եղած ձախողումները՝ «ձեռքէ-ձեռք» իրար կը փոխանցեն

Իսրայէլի կրած հարուածը եւ մասնաւորապէս անցնող 7 հոկտեմբերի ձախողումը ՝ զսպելու եւ կամ կանխազգալու «Համաս» յարձակումը կը շարունակեն ուշադրութեան առանցք դառնալ երկրի ռազմական բարձրագոյն ղեկավարութեան մօտ։

Այս մասին մանրամասն գրած է «Իսրայէլ Հայոմ» պարբերականը եւ նիւթի կարեւորութեան համար զայն կը ներկայացնենք ՝«Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։

Իսրայէլացի ռազմական, թէ քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներ սկսած են քննարկումներ կատարել այն մասին, թէ ինչ պատճառներով Իսրայէլեան «հզօր» համարուած բանակը հասաւ այսօրուան բարդ իրականութեան։

Այս մասին օրերս հանագմանալից կերպով գրած է իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» պարբերականը։

Թերթը հաստատած է, որ «շտաբի նախկին պետ Աւիւ Քոչաւին 2023 թուականի 7 հոկտեմբերէն ասդին արդէն անհետացած է, սակայն պատերազմը «կը հալածէ» զինք»։

Ան նշած , որ քաղաքական, ռազմական եւ հետախուզական մակարդակներու բազմաթիւ նախկին եւ ներկայ պաշտօնեաներ կը վերլուծեն նշուած պաշտօնեային սխալները, որոնք կուտակուեցան ու այդ կերպ բանակը յանձնուեցաւ ՝ ներկայիս շտաբի պետին՝ Հերզի Հալեւիի կառավարման։

Թերթը մէջբերած է պահեստային սպայի մը, որ կը մասնակցի Կազայի մէջ ընթացող պատերազմին եւ լաւ կը ճանչնայ Քոչաւին, որ ըսած է. «Հելեւին ձախողումը ժառանգած է Կոչաւիէն»։ 

Միւս կողմէ, պարբերականին հետ զրուցած պաշտօնեաները մեղադրած են իսրայէլեան բանակի հետախուզութեան բաժնի ղեկավար Ահարոն Հալեւային՝ բանակին արհեստագիտութեան հանդէպ կախուածութիւնը արմատական դարձնելու եւ դաշտային հետախուզութիւնը անտեսելու մէջ։

Անոնք հաստատած են , որ բանակի եւ գաղտնի սպասարկութեան մէկէ աւելի պատասխանատուներ յաջողած են համոզել Իսրայէլի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը, «Համաս» շարժումը մասնակիօրէն «զսպուած» է եւ այն անկարող է «վատ» անականկալներ պատճառել՝ Իսրայէլին։ 

Իսրայէլի պաշտօնեաները իրար մեղադրանքներ «կը շռայլեն» Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան իրավիճակի, ինչպէս նաեւ ակներեւ անյաջողութիւններու համար: Նոյնիսկ Իսրայէլի ռազմական գրասենեակը ականատես կ՚ըլլայ պատերազմի կառավարման վերաբերեալ իր անդամներու միջեւ ներքին տարաձայնութիւններու եւ բախումներու, եւ այդ վէճերը պատճառ կրնան դառնալ, որ Իսրայէլի ռազմական եւ քաղաքական վերնախաւը իրողապէս մասնատուի...։