27 Յունուարին, Իսրայէլի i24NEWS միջազգային հեռատեսիլային ընկերութիւնը սփռեց կեղծիքներով լեցուն կէս ժամնոց հաղորդում մը՝ Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները փառաբանելու եւ Հայաստանը, Իրանն ու Ռուսիան անարգելու համար: Այս գայթակղեցուցիչ հաղորդումը ոչ մէկ կապ ունէր լրագրութեան հետ, եւ ամէն բան կ՛առնչուէր Ատրպէյճանի տխրահռչակ «ձկնկիթային դիւանագիտութեան» հետ։
Ահա հատուածներ հեռատեսիլային հաղորդումէն, զոր ես սղագրած եմ: Մեկնաբանութիւններս ներկայացուած են փակագիծերու մէջ:
Հաղորդավարը՝ իսրայէլցի լրագրող Հենրիքէ Ցումերման, ըսաւ. «Ատրպէյճան ունի խնդրայարոյց դրացիներ, յատկապէս Վլատիմիր Փութինի Ռուսիան՝ Հիւսիսի մէջ եւ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի Իրանը՝ Հարաւի մէջ: Այսուհանդերձ, անոր պատմական գլխաւոր թշնամին մէկ այլ դրացի է՝ Հայաստանը, քրիստոնեայ մեծամասնութիւն ունեցող երկիր մը, որ բախած է Ատրպէյճանին երկու մեծ պատերազմներու մէջ՝ պատճառելով հազարաւոր զոհեր: 1991ին, Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին, Ռուսիոյ աջակցութեամբ (առաջին սուտը) Հայաստան յաջողեցաւ սահմանային գօտիին մէջ գրաւել 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր` Լիբանանի տարածքին չափ։ Պաշտօնական նպատակը պուֆերային գօտի ստեղծելն էր։ Ատրպէյճանի համար, 2020ի ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը յաղթանակի տարի էր։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակը վերանուաճեց հայերու կողմէ գրաւուած բոլոր տարածքները (երկրորդ սուտը), սակայն պարզուեցաւ, որ տասնեակ գիւղեր եւ փոքր քաղաքներ ամբողջութեամբ աւերուած են եւ ականապատուած (երրորդ սուտը)։ Այդպէս էր Խոտաֆարինի շրջանը՝ Իրանի սահմանէն միայն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ՝ Արաքս գետի ափին։ Այս համաթեքսթին մէջ, Իրան աջակցեցաւ Հայաստանի (չորրորդ սուտը), իսկ Իսրայէլ՝ Ատրպէյճանի»։
Լրագրողը հարցազրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի կրօնական հարցերու նախարար Մուպարաք Քուրպանլիի հետ, որ ըսաւ. «Հայաստան գրաւած է մեր հողերը (հինգերորդ սուտը)։ Անցեալ պատերազմին անոնց յաղթելու համար մեր բանակէն հերոսական հսկայական ջանքեր պահանջուեցան։ Ատրպէյճանի ժողովուրդը գիտէ, որ այս պատերազմի ժամանակ Իրան եղած է Հայաստանի կողքին (վեցերորդ սուտը)։ Այսպիսով, դուք կրնաք հասկնալ այս տհաճ զգացումները ոչ թէ ժողովուրդին, այլ իրանական վարչակարգին հանդէպ...: Իրան կը նախատէ Իսրայէլը, կարծես թէ ուղղափառ իսլամ տեսանկիւնէ: Բայց ո՞ւր էր Իրան 30 տարի, երբ Հայաստան, խախտելով բոլոր միջազգային օրէնքները (եօթներորդ սուտը), գրաւեց ատրպէյճանական հողերը, անոնց շարքին՝ Իրանի սահմանը։ Իրան ինչո՞ւ կը լռէր այդ ժամանակ» (ութերորդ սուտը)։
Հաղորդավարը շարունակեց. «Վերջապէս հրադադարը ձեռք բերուեցաւ Վլատիմիր Փութինի ջանքերով: Պաքուի մէջ, ազատագրման տօնակատարութեան ընթացքին բանակը ցուցադրեց Իսրայէլէն ձեռք բերուած յարձակողական անօդաչու սարքեր, որոնք մեծ կորուստներ պատճառեցին հայկական ուժերուն (հայերու սպանութեան մասին ամօթալի պարծենկոտութիւն): Պաքուի կառավարութեան ազդեցիկ մարդոցմէ մէկը Հիքմեթ Հաճիեւն է՝ նախագահ Ալիեւի գլխաւոր խորհրդականը եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան ռազմագէտը։ Ան յայտարարեց, որ Իսրայէլ առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ 1991ին ճանչցաւ Ատրպէյճանի անկախութիւնը եւ հրապարակեց լուրեր, որոնք զայրացուցին Թեհրանը»։ Հաճիեւ ըսաւ. «Ատրպէյճանի նախագահը եւ Ազգային խորհրդարանը որոշում կայացուցած են Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան լիարժէք դեսպանութիւն բանալու մասին, եւ Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն բանալով պիտի կարենանք նոր մակարդակի հասցնել Իսրայէլ-Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութիւնը»։ (Հաճիեւ չէ նշած, որ նախագահ Ալիեւ՝ Իսլամական պետութիւններու արձագանգէն վախնալով, Թել Աւիւի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւն բացաւ միայն 2022ին, Պաքուի մէջ 1993ին Իսրայէլի բացած դեսպանատունէն գրեթէ 30 տարի ետք: Ապա, իսլամական պետութիւններու բացասական արձագանգը մեղմելու համար, Ատրպէյճան բացաւ իր ներկայացուցչական գրասենեակը Ռամալայի մէջ, Արեւմտեան ափին):
Ապա լրագրողը աւելցուց. «Որքան սերտ ըլլան Պաքուի եւ Երուսաղէմի ռազմավարական յարաբերութիւնները, այնքան Թեհրան կը սպառնայ երկու երկիրներուն։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սփռած տեսերիզին մէջ յստակ կը սահմանուէր, որ Երուսաղէմի Ալ-Աքսա սուրբ մզկիթ տանող ճամբան կ՛անցնի Ատրպէյճանի մայրաքաղաքով։ Առաջին անգամ է, որ Թեհրան կը սպառնայ երկու երկիրներուն՝ ըսելով, որ «դուք կը փորէք ձեր գերեզմանները։ Ով որ մարտահրաւէր կը նետէ Իրանի, կը կործանի»: Թեհրան նաեւ կը յարձակի Իսրայէլի արաբ նոր գործընկերներուն վրայ, որոնք կը պաշտպանեն Աբրահամի համաձայնագիրները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Մարոք եւ նոյնիսկ Սէուտական Արաբիա...: Այս աշխարհի ամէնէն պայթիւնային եւ վտանգաւոր սահմանն է։ Այս կողմէն մենք կը գտնուինք Ատրպէյճան, որ մահմետական աշխարհիկ երկիր է, Իսրայէլի ռազմավարական դաշնակիցը, եւ հոն մենք կրնանք տեսնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրօշը, որ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը կը նկատէ «մեծ սատանայ եւ փոքր սատանայ»: Ըստ Իրանի՝ Երուսաղէմի ճամբան կ՛անցնի Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուով։ Հոկտեմբեր 2022ին, Իրանի բանակը որոշեց ահաբեկման գործողութիւն սկսիլ Ատրպէյճանի դէմ՝ հիւսիսային դրացին մեղադրելով Իսրայէլի գործակալ ըլլալու մէջ։ Հազարաւոր իրանցի զինուորներ հրասայլերով, ինքնաթիռներով, ուղղաթիռներով եւ ռազմական բեռնատարներով անցան Արաքս գետը երկու պետութիւններու սահմանով։ Իրանական բանակը նաեւ հարիւրաւոր անկարգելաւոր (paratrooper) իջեցուց սահմանային շրջանին մէջ։ Առկայ էին ռազմական զօրավարժութիւններու տասնեակ տեսանիւթեր, որոնք կրկին ու կրկին ցոյց կու տային իրենց հրթիռներու թիրախը՝ Հրէական պետութեան Դաւիթի աստղը: Թեհրան կը մատնանշէ Պաքուի եւ Երուսաղէմի միջեւ աճող կապերը»: Այնուհետեւ կը ցուցադրուի տեսանիւթ, ուր իրանցի հրամանատարը կ՛ըսէ. «Մենք կռնակ կը դարձնենք Արաքս գետի հատման վայրին մէջ՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին, որպէսզի մեզի հետ լուրջ վերաբերին: Մենք չենք ընդունիր սիոնիստներու ներկայութիւնը մեր դրացնութեամբ»։
i24NEWS-ի հաղորդումը շարունակեց. «Զօրավարժութիւններուն մեծ մասը տեղի ունեցած է գետի իրանական կողմը, սակայն երբեմն եղած են օդային եւ ցամաքային ներթափանցումներ՝ դէպի Ատրպէյճանի տարածք: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատասխանած է իրանցի հրամանատարներուն թուիթըրեան գրառմամբ, որ զայրացուցած է Թեհրանը՝ լուսանկար մը, ուր Ատրպէյճանի ղեկավարը գրկախառնուած է իսրայէլական Harop տիպի քամիքազի անօդաչու թռչող սարքի հետ։ Ատրպէյճան SkyStriker եւ LORA անօդաչու սարքերը գնած է իսրայէլեան Elbit եւ Israel Aerospace Industries ընկերութիւններէ»:
Այնուհետեւ լրագրողը հարցազրոյց վարած է իսրայէլցի նախկին նախարար Էֆրայիմ Սնեհի հետ, որ կը ներկայացուի իբրեւ «Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դաշինքի ճարտարապետ»: Ան ըսաւ. «Ես կը գիտակցէի բարեկամ Ատրպէյճանի կարեւորութեան՝ նկատի ունենալով Իրանին շատ մօտ ըլլալու այն փաստը, որ Իրանին մեծ մասը ատրպէյճանական է (իններորդ սուտը)։ Կը Կարծէի, որ այս այն պարագան է, որով մենք պէտք է հաստատենք ամուր, առողջ կամուրջ Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ...: Ատրպէյճանի ժողովուրդը մեծ դեր ունեցած է նացիական Գերմանիոյի դեմ մղուող պայքարին մէջ: «Հայրենական մեծ պատերազմ»ի ժամանակ Հիթլերի դէմ պատերազմող հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներ տուն չվերադարձան։ Անոնք ինկան Եւրոպայի եւ Գերմանիոյ պատերազմի դաշտին մէջ: Եւ ասիկա այնպիսի բան է, որ հրեան երբեք չի կրնար մոռնալ: Մենք միշտ երախտապարտ ենք Ատրպէյճանին՝ նացիներու պարտութեան մէջ ունեցած աւանդին համար»։ (Տասներորդ սուտը։ Կարծես, Իսրայէլի նախարարը տեղեակ չէ, որ 70 հազար ատրպէյճանցիներ կռուած են յանուն նացիական Գերմանիոյ եւ մասնակցած են Վարշաւայի ապստամբութեան ճնշման գործողութեան։ Հիթլեր այդ ատրպէյճանցիները կոչած է իր վստահելի դաշնակիցները)։
Հաղորդավարը շարունակեց. «700 քիլոմեթր սահմանով մեր ճամբորդութեան ընթացքին մենք տեսանք, որ իսրայէլական այլ արհեստագիտութիւններ կ՛օգտագործուին իրանական կողմը հսկելու համար, օրինակ՝ բարձր ճշգրտութեան տեսախցիկներ եւ շատ արդիական ելեկտրոնային սենսըրներ: Քանի մը աղբիւրներու համաձայն՝ այս համակարգերը կ՛աջակցին յատուկ ստորաբաժանումներու եւ իսրայէլեան գաղտնի գործակալներու կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն, որոնք կը ներթափանցեն Իրան՝ պայքարելու անոր միջուկային նախագիծերուն դէմ։ Ըստ միջազգային մամուլի՝ այս վիրաբուժական նուրբ պայքար է։ Իսրայէլ միշտ կը պահէ իր ռազմաօդային ուժերու օդաչուները Ատրպէյճանի մէջ, ինչպէս նաեւ քանի մը F-35 (ԱՄՆ) կործանիչներ՝ հինգերորդ սերունդի մարտական ինքնաթիռները, որոնք կը նկատուին մոլորակի ամէնէն արդիական ինքնաթիռները: Իրանական զօրավարժութիւններէն ետք F-35ը, ըստ երեւոյթին, ներթափանցեց Իրանի օդային տարածք՝ գնահատելու իր հակաօդային համակարգի արդիւնաւէտութիւնը»: (Եթէ ճիշդ է այդ, ուրեմն ասիկա յստակ խոստովանութիւն մըն է, որ Իսրայէլ խախտած է՝ F-35երը այլ երկրի մը չփոխանցելու ԱՄՆ-ի հետ իր համաձայնութիւնը)։
(Ա. մաս. շարունակութիւնը՝ յաջորդ շաբաթ)
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան