image

Իսրայէլ «վճռած է» գրաւել Կազան

Իսրայէլ «վճռած է» գրաւել Կազան

Իսրայէլի իշխանութիւնները հաստատած են Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի՝ Կազայի մէջ պաղեստինեան արմատական «​​Համաս» շարժումը ջախջախելու ծրագիրը, որ պիտի իրականացուի բուռն կրակոցի, բնակչութեան տարհանման եւ ցամաքային զօրավարժութիւններու միջոցով։

Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը։

«Մենք հաստատած ենք Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ծրագիրը՝ Կազայի մէջ «Համաս»ին յաղթելու բուռն կրակոցի, բնակիչներու տարհանման եւ ցամաքային զօրավարժութիւններու միջոցով», - գրած է ան X-ի իր էջին։