image

Իսրայէլ սպառնացած է նոր յարձակում գործել Իրանի գերագոյն Այաթոլլային դէմ

Իսրայէլ սպառնացած է նոր յարձակում գործել Իրանի գերագոյն Այաթոլլային դէմ

Իսրայէլը պիտի վերսկսի Իրանի վրայ հարուածներն աւելի մեծ ուժով եւ կրնայ յարձակիլ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի վրայ, եթէ իրանեան կողմէն շարունակուին սպառնալիքները։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը։

Ան Իսրայէլի վարչապետի ու ռազմաօդային ուժերու հրամանատարի հետ ժամանած է իսրայէլեան այն ռազմաօդային կայան, ուրկէ իրականացուած էին ռազմական գործողութիւններն Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի դէմ։

«Այստեղէն ես յստակ ուղերձ կը յղեմ Խամենէիին․ եթէ դուք շարունակէք սպառնալ Իսրայէլին, մեր երկար ձեռքը կրկին պիտի հասնի Թեհրան եւ աւելի մեծ ուժով ու այս անգամ՝ պիտի հասնի անձամբ քեզի»,- գրած է Քացը։