image

Իսրայէլ պիտի հարուածէ՞ Իրանը

 Իսրայէլ պիտի   հարուածէ՞ Իրանը

 

Սպիտակ տան մէջ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Նէֆթալի Պէնէթը։

 

 Երկու ղեկավարներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումը առաջինն է իր տեսակին մէջ, հաշուի առնելով նաեւ որ անոնք երկուքն ալ նոր ընտրուած առաջնորդներ են։

 

 Բոլորիս համար բացայայտ է, որ Իսրայէլ- ԱՄՆ յարաբերութիւնները առաջուան «փայլ»ը չունին, բայց եւ այնպէս այս առումով կան տասնեակ լծակներ, որոնք «կայուն» պիտի պահեն ռազմավարական հիմքերու վրայ խարսխուած այդ յարաբերութիւնները։

 Բաց աստի կայ նաեւ Իրանի պարագան, որ կը շարունակէ մնալ մանաւանդ Իսրայէլի թիւ մէկ «տարտ»ն ու տագնապը։

 

 Մանաւանդ վերջին օրերուն, իսրայէլի կողմէ եղած յայտարարութիւնները, որ կը խօսին կորիզային ռումբ պատրաստելու համար Իրանի ուրանի բաւարար քանակ արտադրելու ժամկէտի մօտեցման մասին, տարակոյս անգամ չունիմ, որ իսրայէլացիք ունին ծրագրեր հարուածելու համար մանաւանդ Իրանի մի քանի կարեւոր կորիզային կեդրոնները։

 

 Այս մօտեցումը եթէ նոյնիսկ «ընդունելի» չըլլայ քաղաքակիրթ աշխարհին, կամ Իրանի հետ բանակցութիւններու մէջ «թաղուած» ԱՄՆ-ի Պայտընեան վարչակարգին համար «իրատեսական» ծրագիր է, որովհետեւ Իսրայէլ երկար ժամանակէ կ՚ուսումնասիրէ եւ շատ լաւ գիտէ Իրանի թոյլ կէտերը։ 

 

 Այս տեսակէտին վրայ անշուշտ հարկ է աւելցնել նաեւ այն կէտը, ըստ որուն թէլ Աւիւ անցնող առնուազն երկու- երեք տարիներուն ընթացքին «մեծ գործեր» ըրաւ Իրանի մէջ։

 Հետախուզութիւն, մասնակի եւ «հնարովի», նոյնիսկ «անհասկնալի» հրդեհներ, գիտնականներու սպաննութիւն եւ այլ շարժումներ, որոնք բոլորն ալ ցոյց կու տան, որ Իսրայէլ պետութիւնը ամէն ինչ կընէ, իր ձեռքերը բաց ձգած մնալու ու նաեւ Թեհրանը նեղ կացութեան առջեւ դնելու համար։ 

 Խորքայինօրէն ԱՄՆ դէմ է անշուշտ, որ Իսրայէլ հարուածէ Իրանը, բայց երբեք տխուր չըլլար, եթէ իր գլխաւոր «հակառակորդ»ը, (որ վաղը պիտի դառնայ գլխաւոր դաշնակից) տկար եւ թոյլ դիրքերով, կամ քանի մը խաղաքարտ կորսնցուցած ըլլալով մասնակցի «սպասուած», բայց ուշացող բանակցութիւններուն։

 

 Այնպէս որ Իսրայէլի թիւ մէկին այսօրուան հանդիպումը բաւականին կարեւոր է, ու արդիւնքներէն անդին երթալով հարկ է նաեւ դիտարկել, որ արդեօք Իսրայէլ բաւարար ուժ պիտի ունենայ առանձինն որոշումներ կայացնելու ու մանաւանդ ռազմական քայլերու երթալու։

 Սպասենք։

 

 

 Նիւթը՝ 

Սագօ  Արեան լրագրողի էջ-էն