image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ պետութիւնը անմիջապէս պիտի ճանչցուի. Ռեզա Փահլաւին բաժնեկցած է Իրանի ապագայի տեսլականով

Իսրայէլ պետութիւնը անմիջապէս պիտի ճանչցուի. Ռեզա Փահլաւին բաժնեկցած  է Իրանի ապագայի տեսլականով

Իրանը իշխանափոխութեան պարագային պիտի դադրեցնէ իր ռազմական միջուկային ծրագիրը, պիտի ճանչնայ Իսրայէլը եւ պիտի ձգտի կարգաւորելու յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ: Իրանի ապագայի նման տեսլականը յայտնած է Ռեզա Փահլաւին X-ի իր էջին։

Դիմելով «աշխարհի բարեկամներիու»՝ Փահլաւին ըսած է, որ Իրանի համաշխարհային կերպարը ներկայիս համակարգին մէջ ձեւաւորուած է «ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան եւ աղքատութեան» ազդեցութեան ներքոյ: Անոր պնդմամբ՝ «ազատ Իրանը», ընդհակառակը, պիտի դառնայ տարածաշրջանին մէջ կայունացնող ուժ եւ պատասխանատու գործընկեր միջազգային ասպարէզի մէջ:

«Անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներու մէջ Իրանի ռազմական միջուկային ծրագիրը պիտի դադրեցուի։ Ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւնը անմիջապէս պիտի դադրեցուի։

Ազատ Իրանը պիտի համագործակցի տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գործընկերներու հետ՝ ահաբեկչութեան, կազմակերպուած յանցագործութեան, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան եւ ծայրայեղական իսլամիզմի դէմ պայքարելու համար»,-յայտարարած է Փեհլաւին։

«Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին, մեր բարեկամութիւնը Ամերիկայի եւ անոր ժողովուրդի հետ պիտի վերականգնուի։ Իսրայէլ պետութիւնը անմիջապէս պիտի ճանչցուի»,-ըսած է ան։

Փահլաւին  նաեւ կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան աջակցելու Իրանի ժողովուրդին՝ յայտարարելով. «Ազատ Իրանը պիտի ըլլայ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ գործընկերութեան ուժ»։