Իշխող մեծամասնութիւնը տապալեց «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնած ԱԺ արտահերթ նիստը՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով։ Գրանցուած է ընդամէնը 30 պատգամաւոր, այսինքն՝ քվորում չէ եղած։
Իշխող մեծամասնութիւնը, բացառութեամբ՝ ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանի, բացակայ էր։ Ընդդիմութիւնը, բնականաբար, միայնակ քվորում չի կրնար ապահովել, քանի որ երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները ընդհանուր առմամբ ունին ընդամէնը 35 պատգամաւոր։