Իրանի մէջ իշխանութիւնները աւելի քան 100 մարդ ձերբակալած են դպրոցներու մէջ աշակերտներու թունաւորման կասկածանքով։ Այս մասին հաղորդած է իրանեան IRNA լրատուական գործակալութիւնը։
Իրանի Ներքին գործոց նախարարութեան վարկածով, ձերբակալուածներէն ոմանք պարզապէս «չարաճճիութիւն ընելու նպատակով» տհաճ հոտ ունեցող, սակայն անվնաս նիւթեր կիրառած են, մինչդեռ միւսները թունաւորող նիւթեր կիրառած են «բնակչութեան եւ աշակերտներու մօտ սարսափ տարածելու, դպրոցները փակելու եւ Իրանի նկատմամբ թերահաւատութիւն ստեղծելու համար»։ Վերջիններու պարագային ստուգումներ կ'իրականացուին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապերու առկայութիւնը ստուգելու համար։
Իրանի մէջ զանգուածային թունաւորումներու հետեւանքով տուժած է աւելի քան 1000 դպրոցական, որոնց մեծամասնութիւնը աղջիկներ էին։ Տուժածներէն ոմանք հիւանդանոցային բուժման կարիք ունեցած են։
Աւելի վաղ Իրանի գերագոյն առաջնորդ, այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին մահապատիժ պահանջած է զանգուածային թունաւորումներու մեղաւորներու համար, եթէ պարզուի, որ ատոնք իրականացուած են կանխամտածուած կերպով։