image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ եղած խռովութիւններուն մասնակից Ռուսիոյ քաղաքացիներ ձերբակալուած են

Իրանի մէջ եղած խռովութիւններուն մասնակից Ռուսիոյ քաղաքացիներ ձերբակալուած են

Իրանի իշխանութիւնները կալանաւորած են 14 օտարերկրեայ պետութիւններու, այդ շարքին Ռուսիոյ քաղաքացիների՝ անկարգութիւններուն մասնակցելու պատճառով, տեղեկացուցած է Fars գործակալութիւնը։

Գործակալութեան տուեալներով՝ հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ Աւստրիոյ, Աֆղանստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի քաղաքացիները ձերբակալուած են երկրին մէջ տեղի ունեցած վերջին անկարգութիւններու ժամանակ։ Անոնց մէջ ամէնէն շատը Աֆղանստանի քաղաքացիները եղած են, նշած է Fars-ը։

Գործակալութիւնը չէ նշած, թէ երբ կատարուած են կալանաւորումները եւ քանի օտարերկրացի կը պահուի կալանքի տակ Իրանի մէջ։

Սեպտեմբեր 30-ին իսլամական հանրապետութեան հետախուզութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր  Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Շուէտի եւ այլ երկիրներու ինը քաղաքացիներու կալանաւորման մասին։