image

Իրանէն ծանր պատասխան Պաքուին

Իրանէն ծանր պատասխան Պաքուին

Ի պատասխան թրքական «Անատոլու» լրատուամիջոցին տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Իրանի դէմ հնչած մեղադրանքին՝ «Ինչո՞ւ 30 տարուան ընթացքին, երբ Ղարաբաղի շրջակայ տարածքները հայերու տիրապետութեան տակ էին, Իրանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ զօրավարժութիւններ չէին կատարուէր», իրանեան «Ժամ-էլ-ժամ» օրաթերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուրկէ բերուած են քանի մը մէջբերումներ․

🔸 Հայաստանը Պաքուի եւ Անգարայի նման Իրանի սահմաններուն նկատմամբ սին երազանքներ չունի եւ նման պահուածք չի ցուցաբերեր,

🔸 Հայաստանը, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, Իսրայէլի դաշնակիցը չէ,

🔸 Հայաստանը Ատպէյճանի Հանրապետութեան նման Ատրպատականի մէջ չէ ստեղծած վարձկան-անջատողականներու ցանց,

🔸 Հայաստանը նպատակ չունի Իրանին առեւտրական ճանապարհներէն դուրս մղելու։

Ի դէպ, յօդուածագիրը կը նկատէ նաեւ, որ «Ատրպէյճանի նախագահին ոչ-դիւանագիտական վարքը եւ Թուրքիոյ լրատուամիջոցով Իրանին ուղերձ յղելը ոչ այլ ինչ է, քան գաղութացուածութեան նշան»։