image

Իրանեան ԱԹՍ-ներու հարց. Թեհրան ապացոյցներ կը պահանջէ

Իրանեան ԱԹՍ-ներու հարց. Թեհրան ապացոյցներ կը պահանջէ

Իրան Ուքրանիայէն խնդրած է ապացոյցներ ներկայացնել ուքրանական պատերազմին իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր-Ապտուլ Լահիանը՝ Քրուաթիայի արտաքին գործերու եւ եւրոպական գործերու նախարար Կորտան Կրլիչ-Ռատմանի հետ հանդիպման ժամանակ, գրած է Mehr-ը։

Խօսելով ուքրանական վերջին իրադարձութիւններու եւ ուքրանացի որոշ պաշտօնեաներու կողմէ Իրանի դէմ մեղադրանքների մասին՝ Ամիր-Ապտուլ Լահիանն ըսած է. «Մենք կտրականապէս դէմ ենք պատերազմին եւ պատերազմի կողմերէ մէկու սպառազինման: Մենք խնդրած ենք ուքրանական իշխանութիւններէն որեւէ ապացոյց տրամադրել Ուքրանիոյ պատերազմին ենթադրեալ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման վերաբերեալ»:

Ան չէ հերքած, որ Իրան երկար տարիներ կը համագործակցի Ռուսիոյ հետ պաշտպանութեան ոլորտի մէջ, սակայն ընդգծած է, որ «մենք չենք աջակցած Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին եւ իրանեան զէնք չենք մատակարարած Ռուսիոյ՝ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին օգտագործելու համար»։

Դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ Իրան կը դիտարկէ Իրանի դէմ ԵՄ-ի կողմէ վերջերս սահմանուած պատժամիջոցներուն արձագանգելը։