image

Իրան յայտնած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ ուրանի հարստացման համալիրի վրայ յարձակման մասին

Իրան յայտնած է ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ ուրանի հարստացման համալիրի վրայ յարձակման մասին

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը յայտնած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը յարձակում գործած են Նաթանզի մէջ գտնուող ուրանի հարստացման համալիրի վրայ։ Այս մասին յայտնած է  Իրանի աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութիւնը։

Կազմակերպութիւնը նշած է, որ մարտ 21-ին տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով համալիրէն արտահոսք չէ եղած։