Իրանի իշխանութիւնները սկսած են առաջին իրանական աթոմական ելեկտրակայանի կառուցման աշխատանքները, որ պիտի ունենայ 360 մեկաուաթ հզօրութիւն:
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, այս մասին յայտնած է 25 Յունիսին Իրանի աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավար՝ Մոհամէտ Էսլամի:
«Այս տարի մենք այլ աշխատանք սկսանք՝ նախագծելով 360 մեկաուաթ հզօրութեամբ համաիրանական ելեկտրակայանը, որու կառուցելը պէտք է իրականացուեր արտասահմանեան երկիրներու հետ համագործակցութեամբ: Այսօր մենք վճռականօրէն փոխած ենք այդ նպատակը եւ, օգտագործելով ազգային ներուժը, կը կառուցենք լիարժէք իրանական աթոմակայան»,- Էսլամի խօսքերը մէջբերած է ISNA-ն:
Ան յորդորած է հայրենական կառուցապատող ընկերութիւնները եւ արդիւնաբերական ընկերութիւններու խոշոր սեփականատէրերը միանալ աթոմական ելեկտրակայանի կառուցման նախագիծին: