Մարիուփոլէն դուրս եկած հարիւրաւոր փախստականներ այժմ կը գտնուին վրանային ճամբարի մէջ, որ տեղակայած է ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը Պեզիմեննոէ գիւղին մէջ: Այստեղ փախստականները կը սպասեն գրանցման եւ ժամանակաւոր տեղակայման կեդրոննէր մեկնելու իրենց հերթին: Ինչպէս կը փոխանցէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Մարտ 22-ի առաւօտուայ դրութեամբ` մէկ օրուայ մէջ Մարիուփոլէն տարհանուած է աւելի քան 600 մարդ, այդ շարքին` 134 երեխայ:
ՏԺՀ ԱԻՆ-ի քաղաքացիական պաշտպանութեան միջոցառումներու կազմակերպման վարչութեան պետ Ալեքսանտր Խոճակելտիեւի խօսքով` ճամբարը շուկայի տարածքին մէջ է, իւրաքանչիւր վրանի մէջ կրնայ տեղակայուիլ 10 մարդ: Ընդհանուր առմամբ, այն նախատեսուած է 450 փախստականի համար եւ այս պահին արդէն լեցուն է: Բոլոր վրաններուն մէջ կան վառարան ու մահճակալներ, կը տրամադրուին անկողնային պարագաներ եւ երեքանգամեայ սնունդ: Բացի այդ, ճամբարին մէջ կայ բջջայինները վերալիցքաւորելու հնարաւորութիւնը, ինչ որ թոյլ կու տայ փախստականներուն կապ պահպանելու հարազատներուն հետ, իսկ բժշկական ոլորիտ աշխատողներն ու հոգեբանները հասանելի են շուրջօրեայ:
Փախստականներուն խօսքով` ճամբարին մէջ շատ աւելի ապահով է, քան իրենց քաղաքին մէջ:
«Ուքրանիոյ կողմ մենք չկրցանք երթալ, քանի որ ամէն ինչ արգելափակուած էր, անդադար հրետակոծութիւններ էին եւ կրնայինք արկի հարուածի տակ յայտնուիլ», պատմած է փախստականներէն մէկը` շեշտելով, որ վտանգաւոր էր ինչպէս փողոցին, այնպէս ալ տան մէջ:
Անոր խօսքով` այստեղ իրենց լաւ ընդունած են, ապահոված են սնունդով ու տաք ջուրով, մինչդեռ Մարիուփոլի մէջ վերջին օրերուն արդէն ոչինչ կար: Այժմ իրենք կը սպասեն գրանցման իրենց հերթին Ռուսաստնաի մէջ գտնուող հարազատներուն մօտ մեկնելու համար, քանի որ Մարիուփոլ վերադառնալ այլեւ չեն կրնար․ իրենց տուները այլեւս չկան: