Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը սեպտեմբեր ամսուն յայտարարագրած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչէն ստացած նուէրը:
Այս մասին կը տեղեկանանք «Կոռուպցիայի կանխարգելման յանձնաժողով» ներկայացուած «Հանրային պաշտօն զբաղցնող անձի կամ հանրային ծառայողներու նուէրներու հաշուառման ձեւաթուղթ»էն:
Քըլըչը Միրզոյեանին նուիրած է 73, 473 դրամ արժողութեամբ զարդանախշերով ապակեայ թաս: Նուէրը Միրզոյեանը ստացած է սեպտեմբեր 12-ին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը սեպտեմբեր 12-ին ժամանած էր Հայաստան, անոր ընդունած էին Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս:
Քըլըչը 2021-ին՝ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացի մեկնարկէն ի վեր, առաջին անգամ Երեւան էր:
Անգարայի բանագնացն առաւօտեան Հայաստան ժամանած էր հայ-թրքական սահմանի Մարգարայի անցակէտով, ուր անոր դիմաւորած էր Երեւանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը:
Լուրը՝ Tert.am-էն