image

Ի՞նչ կը կատարուի Հալէպի մէջ. Տոլար վաճառելու պատրուակով քաղաքացիներ կողոպտող յանցախումբ մը բացայայտուած է

     Ի՞նչ կը կատարուի Հալէպի մէջ. Տոլար  վաճառելու  պատրուակով  քաղաքացիներ կողոպտող յանցախումբ մը  բացայայտուած է

Աղբիւրը նշած է, թէ նախաքննութիւն կը կատարուի ձերբակալուածներուն նկատմամբ, իսկ ընկերային հարթակներու անյայտ օգտատէրերու հետախուզութիւնը տակաւին կը շարունակուի: 

Օրերս  Հալէպ քաղաքին մէջ նկատուած է  աւազակներու խմբաւորումի մը աշխոյժ գործունէութիւնը: Յանցախումբը  տոլար վաճառելու պատրուակով, որուն օգտագործումը  սառեցուած է Սուրիոյ մէջ, կը մօտենան քաղաքացիներու ու զէնքի սպառնալիքով կը կողոպտեն անոնց գումարները: 

Հալէպ քաղաքի Անվտանգութեան մասնաճիւղը սկսած է հետախուզութիւն այս ուղղութեամբ:  Անվտանգութեան աշխատակիցները բաւարար տեղեկութիւններ հաւաքելով ճշդած են այս աւազակներուն բնակած վայրը: Անոնք  կրցած են ձերբակալել երեք հոգի՝ Մուհի Ալ Տին Հ., Մուխլէս Ա. եւ Իյատ Հ.: 

 Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ UEPA կայքէն:

Ըստ աղբիւրին՝ ձերբակալման ժամանակ յանցագործները փորձած են փախչիլ: Անոնցմէ մէկը, դանակով հարուածած է քաղաքացիի մը, բարեբախտաբար քաղաքացիին  տրամադրուած է  բժշկական օգնութիւն ու փրկուած է, իսկ յանցագործը ձերբակալուած: Միւսը իր շարժակաւոր հեծելանիւով  փախած ժամանակ զարնուած է  պարեկային ինքնաշարժին եւ վնասած իր ոտքը, ուստի փոխադրուած է հիւանդանոց հսկողութեան տակ: 

Ըստ անվտանգութեան մարմնի տուեալներուն՝ յանցագործներուն մօտ գտնուած են նաեւ թմրանիւթեր: Յանցագործները խոստովանած են, թէ ունին համացանցային մեղսակիցներ, որոնք ընկերային հարթակներու միջոցաւ, անյայտ օգտատէրի անունով տոլար վաճառել կ'առաջարկեն քաղաքացիներուն:  Ապա երեք ընկերները, ոստիկանութեան տարազով կը մօտենան քաղաքացի յաճախորդին ու զէնքի սպառնալիքով կը կողոպտեն զանոնք: Ձերբակալուած յանցագործները նաեւ խոստովանած են, որ 2021-ին ալ  կատարած են այսպիսի ապօրինի կողոպուտներ Համա քաղաքին մէջ: 

Աղբիւրը նշած է, թէ նախաքննութիւն կը կատարուի ձերբակալուածներուն նկատմամբ, իսկ ընկերային հարթակներու անյայտ օգտատէրերու հետախուզութիւնը տակաւին կը շարունակուի: