image

Ի՞նչ է խափանման իրական պատճառը. «Ինտիփէնտընթ»ի լրագրողին կարծիքը

Ի՞նչ է  խափանման  իրական պատճառը. «Ինտիփէնտընթ»ի լրագրողին կարծիքը

Բրիտանական The Independent պարբերականի լրագրող Պրայըն Քրեպս նշած է Facebook-ի ծառայութիւններու աշխատանքի խափանման պատճառը: 

«DNS գրառումները, որոնք համակարգերուն կ'ըսեն, թէ ինչպէս գտնել Facebook.com-ը կամ Instagram.com-ը, հանուած են հաշախարհային երթուղացման աղիւսակներէն», ըսած է Քրեպս: Անոր խօսքով՝ միայն ընկերութիւնը ինք կը տնօրինէ այդ գրառումները:

Լրագրողը նաեւ նշած է, որ այս պահուն անյայտ է, թէ ինչու նման փոփոխութիւն կատարուած է: Ան ենթադրած է, որ այդ փոփոխութիւնը կրնայ ներքին փոփոխութիւններու կամ թարմացումներու հետեւանք ըլլան, որոնք «շեղած են»:

Իր հերթին, New York Times-ի լրագրող Ռայան Մաք ըսած է, որ Facebook յաւելուածէն բացի, դադրած են աշխատիլ նաեւ ներքին գործիքները, ինչպէս նաեւ հաղորդակցման հարթակները, ներառեալ Workplace-ը:

Ան յայտնած է, որ «բոլոր աշխատանքները դադրած են»: