Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, որուն յուղարկաւորած են ապրիլ 26-ին, մահէն առաջ մօտ 200,000 եւրօ փոխանցած է՝ Հռոմի անչափահասներու բանտին մէջ գործող մաքարոնեղէնի գործարանի գրաւագրութիւնը (հիփոթեք) մարելու համար, գրած է euronews.com-ը։
Մոնսինեօր Պենոնի «Տոն Պեն» Ամբարուսը, որ Հռոմի մէջ Ֆրանչիսկոսի բարեգործութեան եւ բանտերու հովուական խնամքի պատասխանատուն էր, իտալական լրատուամիջոցներուն ըսած է, որ իր մահէն առաջ Պապն իր անձնական հաշուէն 200,000 եւրօ նուիրաբերած է մաքարոնի գործարանին, որ կը գործէ Հռոմի մէջ անչափահասներու բանտին՝ Casal del Marmo-ի մէջ:
«Ես անոր ըսի, որ մենք մեծ գրաւ (հիփոթեք) ունինք այս մաքարոնեղէնի գործարանի համար, եւ եթէ կարենանք նուազեցնել այն, պիտի իջեցնենք մաքարոնեղէնի գինը, աւելի շատ պիտի վաճառենք եւ աւելի շատ տղաներ պիտի ընդունինք աշխատանքի: Ան պատասխանած է. «Գրեթէ ամբողջ գումարս աւարտած է, բայց ես դեռ ինչ-որ բան ունիմ իմ հաշիւին»: Եւ ան ինծի տուաւ 200,000 եւրօ», –ըսած է Ամպարուսը La Repubblica թերթին։
Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը միշտ զգայուն եղած է բանտարկեալներու նկատմամբ՝ կոչ ընելով ողորմած ըլլալու անոնց հանդէպ, որոնք սխալներ գործած են։ Ան յաճախ կ՚այցելէր իր հայրենի Արժանթինի բանտերը եւ դեռ Պուէնոս Այրեսի արքեպիսկոպոս եղած ժամանակ, Աւագ Հինգշաբթի Ոտնլուայի ծէսը կը կատարէր քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ: Ան նոյնիսկ Հռոմի պապ դառնալէն ետք չէ փոխած աւանդոյթը։
Իր մահէն (ապրիլ 21-ին) քանի մը օր առաջ՝ Ոտնլուայի օրը ան այցելած էր Հռոմի բանտ: