image

Արցախի մէջ թշնամիի գնդակով 55-ամեայ քաղաքացի մը զոհուած է

 Արցախի մէջ  թշնամիի գնդակով  55-ամեայ քաղաքացի մը զոհուած է

Արցախի մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու դիպուկահարի կրակոցէն քաղաքային մը զոհուած է: Այս մասին յայտնեց  Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան մամլոյ խօսնակ Յունան Թադեւոսեան:

«Նախնական տեղեկութիւններով այսօր` 9 Հոկտեմբերին, 13:15-ին Մարտակերտի շրջանային ոստիկանութեան բաժնէն յայտնած են, որ Մարտակերտ քաղաքին յարակից նռան այգիին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարի կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է Մարտակերտ քաղաքի 1966-ի ծնունդ Արամ Տեփնանցը», ըսաւ ան:

Դէպքի վայրին մէջ այս պահուն կ'աշխատին քննիչները: Տեղեկատուութիւնը փոխանցուած է ռուս խաղաղաղապահներուն: