image

ՀՕՄ-էն նեցուկ Արցախահայերուն. Բարերար Մայք Սարեան 50 հազար ամն տոլար նուիրեց ՀՕՄ-ին (Լուսանկարներ)

ՀՕՄ-էն նեցուկ Արցախահայերուն. Բարերար Մայք Սարեան 50 հազար ամն տոլար նուիրեց ՀՕՄ-ին (Լուսանկարներ)

Ինչպէս Սփիւռքի տարբեր գաղութներու, նոյնպէս ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխոյժ կերպով կը շարունակուի հանգանակութիւնը ի նպաստ Արցախէն բռնագաղթուած եւ Հայաստան հաստատուած հայրենակիցներուն։ Այս մասին վերահասու դարձանք ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանէն, ուր օրերս տեղի ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան կողմէ կազմակերպուած ամէնամեայ երեկոյթ-Կալան, որուն ընթացքին ալ հանգանակուած է պատկառելի գումար։

Այս առումով ալ նուիրատուներու շարքը գլխաւորած է ամերիկահայ հանրայայտ բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեան ամոլը, որ 50 000$ամն տոլար նուիրած է ՀՕՄ-ին, որպէսզի փոքր ինչ մեղմացնէ արցախցի մեր հայրենակիցներու տառապանք եւ դրական պայմաններ ստեղծէ անոնց համար։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ ՀՕՄ-ի կողմէ տարածուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, Մարտ 10, 2024-ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան հանգանակային տարեկան Կալան։

Ձեռնարկին ներկայ էին Լոս Անճելըսի հոգեւոր պետեր, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ, պետական եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Քոյր կազմակերպութիւններու անդամներ, բարերարներ, համակիրներ եւ ՀՕՄի անդամներ։

Գրեթէ 400 ներկաներու յիշողութեան մէջ երկար կ՛ապրի այս անմոռանալի երեկոն։