Օրերս յետ կարճատեւ հիւանդութեան Երեւանի մէջ մահացած է ՍԴՀԿ-ի Հալէպի շրջանի հաւատաւոր անդամներէն, Հնչակեան գործիչ՝ Սարգիս Գուզուեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի գաղափարի ընկերներէն։
Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հայրենիք տեղափոխուած Սարգիս Գուզուեանի մինչեւ վերջին շունչ մնաց կառչած այն գաղափարներուն, որոնց հետ աճած, հասակ առած ու ծառայած էր յանուն մեր ժողովուրդին ու ազգին։
Գուզուեանի մասին ուշագրաւ մահագրական մը հրապարակած է Հալէպի «Նոր Սերունդ մշակութային միութիւնը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Ս.Դ.Հ.Կ. Հիւսիսային Սուրիոյ Վարիչ Մարմինը, Սրտի անհուն կսկիծով կը գուժէ մահը՝ իր վեթերան ընկեր Սարգիս Գուզուեանի մահը, որ պատահեցաւ 19 Օգոստոս 2021-ին՝ Երեւանի մէջ:
Յարգարժան ընկերը երկարամեայ վաստակ ունի Կիլիկեան շրջանակէն ներս: Ան 1975-էն սկսեալ նախ մաս կազմած է Կիլիկեան Կրթական Հաստատութեան հոգաբարարձութեան ապա իր անգնահատելի ծառայութիւնը մատուցած է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հալէպի շրջանի վարիչ մարմնի մէջ: Ընկերոջ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցած ըլլալով Հալէպի Տաւուտիէ արուարձանին մէջ, հոն ալ թրծուած է որպէս Հ.Մ.Մ.ական ապա եօթանասուն թուի կէսէրուն անցած է կուսակցութեան շարքերը: Ընկեր Սարգիսի գործնական մուտքը Կիլիկեան շրջանակէն ներս, զուգադիպեցաւ այն բուռն վերելքի շրջանին, երբ յուժ անհրաժեշտութիւն մըն էր իւրաքանչիւր սրտցաւ Հնչակեանի առարկայական ներկայութիւնը, թէ նիւթական եւ թէ բարոյեական իմաստով: Ի պատիւ իրեն, պէտք է խոստովանիլ, որ ինքը՝ ազնուօրէն ոչ միայն գործնական աջակցութիւն բերաւ ԱԿՈՒՄԲ-ի գնման ու վերակառուցման այլեւ քաջալեր հանդիսացաւ, երիտասարդութեան կազմակերպած իւրաքանչիւր ձեռնարկին : Ընկերը , մօտ քառորդ դարէ աւելի, ջանք եւ ճիգ չխնայեց վասն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ու անոր բաղկացուցիչ միութիւններուն ու հաստաթիւններուն բարգաւաճման: Ան, գործի մարդ էր:
Այս տխուր առիթով, Հիւսիսային Սուրիոյ Վարիչ մարմինը խորապէս կուգայ ցաւակցելու իր տիկնոջ, զաւակներուն, Գուզուեան գերդաստանին եւ համայն Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութեան մեծ ընտանիքին:
Խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին: