image

Հնարաւոր կը համարենք Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ համագործակցութիւնը. Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար

Հնարաւոր կը համարենք Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ համագործակցութիւնը. Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասը հնարաւոր կը համարէ Հայաստան-Յունաստան-Ֆրանսա-Հնդկաստան քառակողմ համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։

«Մենք ստեղծած ենք յաջող եռակողմ պաշտպանական համագործակցութիւն Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ։ Բայց կրնան գոյութիւն ունենալ նաեւ այլ եռակողմ կամ քառակողմ յարաբերութիւններ Ֆրանսայի եւ Հնդկաստանի հետ՝ կարեւոր երկիրներու, կարեւոր տէրութիւններու, Հայաստանի եւ Յունաստանի շատ հզօր ընդհանուր բարեկամներու հետ»,- մարտ 4-ին Երեւանի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ըսած է Յունաստանի ՊՆ ղեկավարը։

Նիքոս Տենտիասը նշած է նաեւ, որ Յունաստանը կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։

«Յունաստանը հաստատակամօրէն կը հաւատայ, որ տարաձայնութիւնները կրնան կարգաւորուիլ խաղաղ միջոցներով։ Մենք կտրականապէս դէմ ենք այս տարածաշրջանին մէջ որեւէ միակողմանի ռազմական գործողութիւններու։ Մենք նաեւ կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային իրաւունքի շրջածիրէն ներս խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման»,- ընդգծած է ան։