image

«Հիմա գործելու ժամանակն է».ՀՅԴ-ի Մեծ ընտանիքը նշեց ընտրութիւններու ընթացքին կերտուած յաղթանակը(Լուսանկար)

«Հիմա գործելու ժամանակն է».ՀՅԴ-ի Մեծ ընտանիքը նշեց ընտրութիւններու ընթացքին կերտուած յաղթանակը(Լուսանկար)

«Հիմա գործելու ժամանակն է»,- այս խօսքերով երէկ իր ելոյթը եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Մեթն շրջանէն վերընտրուած Յակոբ Բագրատունին։ Նշենք, որ Բագրատունի ելոյթ ունեցաւ բազմահազար հայրենակիցներու դիմաց, երէկ  Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ տեղի ունեցած փառատօնի ընթացքին։

Սոյն հաւաքը անգամ մը եւս կը շեշտաւորէր, որ ՀՅԴ-ն իրաւացի ներկայացուցիչն է Լիբանանահայութեան ու այդ պրիսմակէն դիտուած հայկական կուսակցութիւնը կը վայելէ, ոչ միայն համաժողովրդկային անկասելի նեցուկ մը, այլ նաեւ կը վայելէ հայկական միւս կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը, որուն ճամբով ալ կարելի կ՚ըլլայ հասնիլ ընդհանուր համահայկական տրամաբանութեան եւ գործելաոճի։

Նշենք, որ «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրին համաձայն երէկ տեղի ունեցած հաւաքին ներկայութեան թիւը եղած է աննախընթաց , բան մը որ ունի բազմակողմանի ազգային եւ քաղաքական մեծ պատգամներ։

 

 

Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» կառատունը ժամադրավայրն էր անկեղծ ու հայութեան իրենց նկարագիրին հաւատարիմ հայորդիներուն, իրենց ազգային ոգիին ու հայկականութեան ուղիէն չշեղած լիբանանահայերու, որոնք եկած էին տօնակատարելու իրե՛նց յաղթանակը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուներու ընտրութեան առիթով: Անոնք եկած էին հաստատելու, որ երեսփոխանական ընտրութեան օրը իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ արժանապատիւ հայու կեցուածքին պտուղը վայելելու եւ բարձրագոյն մակարդակէ իրենց ուղղուած շնորհակալական ու երախտագիտութեան խօսքերը լսելու իսկապէս արժանի էին:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին եւ ընտրութեան օրը ՀՅԴ-ի ծաւալած մեղուաբոյն աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը:

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան, որ մասնաւորապէս ըսաւ ՝ «Պայքարը, ընտրական տեսքով, ըստ էութեան սակայն, այս կազմակերպ համակարգը փլուզելու համար էր, որպէսզի համայնքի կեանքէն դուրս գտնուող անհատներ ներկայանան խորհրդարան, եւ որպէսզի համայնքի ղեկավարման կեդրոնին կապուած ներկայացուցիչներու մուտքը խորհրդարան խափանուէր: Մենք բոլորս յաջողեցանք անխախտ պահել այդ կապը եւ լիբանանահայութեան ներկայացուցչութիւնը հասցնել խորհրդարան: Ձեր գիտակից քուէն էր, որ յաջողցուց այդ երթը: Ձեր համախումբ կեցուածքն էր, որ համայնքին անունով խօսելու իրաւունք ունեցողները դարձուց խորհրդարանի անդամ. ձեր գործնական ընդառաջումն էր մեր կոչին, որ ընդգծեց լիբանանահայութեան քաղաքական գործօն ըլլալու հանգամանքը»։

 

 

 Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին տեսաուղերձներով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը։

 

 

 

 Օրուան գլխաւոր բանախօսն է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ շեշտեց, թէ այս օրը յաղթանակի օր է` յաղթանակը լիբանանահայութեան, որուն նկատմամբ շնորհակալութեան խոր զգացումներ ունի Դաշնակցութիւնը, շնորհակալութիւն` վստահութեան համար, որ վերանորոգուեցաւ եւ ինքզինք լաւագոյնս դրսեւորեց այս անգամ եւս` կերտելով հայութեան յաղթանակը լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք որեւէ ձեւով նեցուկ կանգնեցան տարուած աշխատանքին եւ սատարեցին արձանագրուած յաղթանակի կերտման` ըլլան անոնք կամաւորներ, տարբեր տարիքի հաւատարիմ քուէարկողներ, արտասահմանի մէջ իրենց քուէն հայութեան իսկական ներկայացուցիչներուն տուողներ, ընտրութեան օրն ու յաջորդ օրը իրենց շունչը բռնած անհամբեր արդիւնքներուն սպասող հայորդիներ: Յ. Բագրատունի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան, որ արդար ու մաքուր մրցակցութեամբ մղեց այս ընտրապայքարը, սակայն չյաջողեցաւ իր թեկնածուն հասցնել խորհրդարան, ՌԱԿ-ին, որ հրապարակային յայտարարութեամբ զօրակցեցաւ ՀՅԴ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի թեկնածուներուն ու քուէարկեց անոնց:

 

Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս յաղթանակը փաստեց ձախողութիւնը ՀՅԴ-ն իր ժողովուրդէն բաժնելու, ՀՅԴ-ի մէջ երկփեղկում յառաջացնելու, մեր ժողովուրդին նկարագիրը փոխելու, զայն ազգային հայկական արժէքներէն հեռացնելու բոլոր փորձերուն: Յաղթանակ բոլոր անոնց դէմ, որոնք Դաշնակցութեան պարտութիւնը ցանկացին, աշխատեցան, վճարեցին, գնեցին ու ծախեցին, բայց չյաջողեցան:

 Բագրատունի մասնաւորապէս ըսաւ «Մեզի հանդէպ ձեր ցուցաբերած վստահութիւնը թանկագին է: Լիբանանցի հայ քաղաքացիին խոր համոզումն է այս վստահութիւնը: Ձեր ազատ կամքին, ազատ միտքին, չընկրկող ու չքանդուող վճռականութեան արտայայտութիւնն է այս յաղթանակը: Ճիշդ կողմնորոշուելու, ճիշդ դատելու, առօրեան եւ ժամանակաւորը ստորադասելով մնայունն ու շարունակականը գերադասերու արտայայտութիւնն է այս յաղթանակը: Լիբանանի հանդէպ ձեր հաւատարմութեան ու Դաշնակցութեան ճամբով Լիբանանի ուժեղացման ձգտող ձեր քուէին յաղթանակն է ասիկա», հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ ասիկա յաղթանակն է ապագայ սերունդներուն, անոնց հայեցի դիմագիծին ու հայկական գոյերթին:

 

Իր խօսքի վերջին բաժինով Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ արդէն նոր փուլ բացուած է, պարտաւոր ենք միացեալ ճիգերով, միասնաբար դիմագրաւել դժուարութիւնները, ճշդել առաջնահերթութիւնները եւ անգամ մը եւս յիշել ու հաստատել «Կանգ, կը մնանք» կարգախօսը, կանք միասին ու կը շարունակենք մնալ իբրեւ մէկ բռունցք:

 

«Մեզի համար փակուած է ընտրութեան էջը, ուսանելի դասեր կան հոն եւ անոնց արդիւնքներուն մէջ: Սակայն այլեւս խօսելու ժամանակը փակուած է, գործելու ժամանակն է: Մեր խոստումը կը մնայ նոյնը` ձեզի հետ ենք ու կը մնանք միասին: Յաղթանակը չի գինովցներ մեզ, այլ յաւելեալ, բազմապատիկ ճիգի կը մղէ: Պիտի շարունակենք ու պայքարինք միասին, որպէսզի տեւաբար յաղթենք միասին: Դաշնակցութիւնը ձեզ յուսախաբ չի կրնար ընել», հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը:

 

Երեկոն խանդավառեցին, ազգային շունչ ու ոգի, բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին հայրենի երգիչներ Ներսիկ Իսպիրեան եւ Սեւակ Ամրոյեան, որոնք փառատօնին մասնակիցներուն ուրախութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին, որոնց երգերուն կշռոյթով բարձրացան Եռագոյն ու ՀՅԴ-ի դրօշակներ, երիտասարդներ պար բռնեցին եւ լիբանանահայութիւնը բառացիօրէն տօնեց իր յաղթանակը: