Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, թէ իբր 13 յուլիսին ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈւ լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։