image

ՀՀ Ճարտարարուեստի նախարարի տեղակալ՝ Արման Խոջոյեանիայցը AMAA-ի կեդրոն

ՀՀ Ճարտարարուեստի նախարարի տեղակալ՝ Արման Խոջոյեանիայցը AMAA-ի կեդրոն

Օրերս, AMAA-ը հիւրընկալած էր ՀՀ  Ճարտարարուեստ նախարարի տեղակալ Արման Խոջոյեանը, որուն AMAA Հայաստանի տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեանը ներկայացուցած է Տաւուշի մարզի Տաւուշ գիւղի մէջ իրականացուող ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձանց վերաբնակեցման եւ համարկման ծրագիրը:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ պաշտօնական կայքէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը։

AMAA-ը հիւրընկալած էր ՀՀ ճարտարարուեստի նախարարի տեղակալ Արման Խոջոյեանը:

AMAA Հայաստանի տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեանը, գործերու կառավարիչ Նարեկ Թութխալեանը եւ զարգացման ղեկավար Նելլի Ղուլեանը ներկայացուցած են Տաւուշի մարզի Տաւուշ գիւղին մէջ իրականացուող ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձանց վերաբնակեցման եւ համարկման ծրագիրը:

Քննարկուած են կառուցուող բնակելի տուներուն կից գիւղատնտեսական եւ զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներու ստեղծման հնարաւորութիւնները:

Արման Խոջոյեանը բարձր գնահատած է AMAA-ի գործունեութիւնը: Երկուստեք կարեւորուած է համայնքային զարգացման եւ բնակչութեան համար կենսաապահովման երկարաժամկէտ հնարաւորութիւններ ստեղծելու մոտելը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու համատեղ աշխատանքները կառավարութեան եւ միջազգային գործընկերներու հետ՝ Տաւուշի զարգացման ծրագրի ընդլայնման, ինչպէս նաեւ AMAA կրթական նախաձեռնութիւններու շրջածիրէն ներս գիւղատնտեսութեան ոլորտի ուսուցման ծրագրերու ներդրման նպատակով: