Աթլանթեան ովկիանոսին մէջ անհետացած «Թիթան» պաթիսքաֆի (ծովերու եւ ովկիանոսներու մեծ խորութիւններու մէջ գիտական եւ հետազօտական աշխատանքներ կատարելու համար նախատեսուած խորջրեայ ինքնագնաց սարք, որ կրնայ ջրասուզակներէն շատ աւելի խոր ընկղմիլ-Խմբգ.) շահագործող OceanGate Expeditions ընկերութիւնը յայտարարած է, որ անձնակազմի անդամները մահացած են։ Այս մասին գրած է CNN-ը՝ վկայակոչելով ընկերութեան յայտարարութիւնը:
«Այժմ մենք կը կարծենք, որ մեր գործադիր տնօրէն Սթոքթըն Ռաշը, Շահզատա Տաուտը եւ անոր որդին՝ Սուլման Տաուտը, Հեմիշ Հարտինկը եւ Փոլ-Հենրի Նարկէոլը, ցաւօք, մահացած են»,- ըսուած է OceanGate-ի յայտարարութեան մէջ:
«Այս մարդիկ իսկական ուսումնասիրողներ էին, որոնք կը կիսէին արկածային ոգին եւ ովկիանոսները ուսումնասիրելու եւ պաշտպանելու խոր կիրքը: Մեր սրտերը այս ողբերգական պահուն այս հինգ հոգիներու եւ անոնց ընտանիքներու իւրաքանչիւր անդամի հետ են»,- յայտնած են ընկերութենէն:
Յիշեցնենք, որ «Թիթան» կոչուող անհետացած սուզանաւուն մէջ կար հինգ մարդ՝ բրիտանացի գործարար եւ հետազօտող Հեմիշ Հարտինկը, Փաքիստանի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը՝ Շահզատա Տավուտը եւ անոր որդի Սուլէյմանը, սուզանաւը գործարկող OpenGate ընկերութեան տնօրէն Սթոքթոն Ռաշը եւ ֆրանսացի ծովային փորձագէտ Փոլ-Անրի Նարժոլէն, որ 35 անգամ սուզուած է դէպի «Թիթանիք»ի խորտակման վայրը եւ RMS Titanic, Inc. ընկերութեան տնօրէնն է:
Մինչ աշխարհը նորութիւնների կը սպասէր սուզանաւի հինգ ուղեւորի ճակատագրի մասին, ԱՄՆ առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ եղած թթուածինը կը սպառի առաւօտեան ժամը 7:08-ին (Հայաստանի ժամանակով ժամը 15:08-ին):
ԱՄՆ առափնեայ պահպանութիւնը հաստատած է անհետացած սուզանաւի խորտակումը։ «Հինգշաբթի օր ծովու յատակին յայտնաբերուած բեկորները կը համապատասխանեն «Թիթանիք» սուզանաւի ճնշման խցիկի տուեալներուն»,- մամուլի ասուլիսին ըսած է ԱՄՆ առափնեայ պահպանութեան ծովակալ Ճոն Մաուկերը:
Ան նշած է, որ խօսքն «աղէտալի պայթումի» մասին է, որու հետեւանքով զոհուած են սուզանաւի մէջ եղած բոլոր մարդիկ։
«Թիթանն» իր ուղեւորութիւնը սկսած էր կիրակի օր՝ ուսումնասիրելու «Թիթանիքի» բեկորները, որոնք կը գտնուին ծովու մակարդակէն մօտ 4 քմ ներքեւ: