Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Վալերի Պուայէն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակի առթիւ:
«Հայաստանի անկախութեան այս օրը եկէք չմոռնանք երկու երկրի կապերը: Սա Հայաստանն է, որ հարուստ է աւելի քան 2 000 տարուայ մշակոյթով եւ ուժեղ ինքնութեամբ։ Սա Հայաստանն է, որ Ֆրանսայի կողքին պայքարեցաւ մեր ազատութեան համար։ Հայաստանը, ինչպէս եւ Ֆրանսան, պատմութեան փորձութիւն անցած է։ Այսօր, ինչպէս եւ երէկ, Հայաստանը կը պայքարի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ իր եւ իր ժողովուրդի գոյութեան համար։
Հայաստան Անկախութեան օրը, ինչպէս եւ նախապէս, կը դիմագրաւէ հազարաւոր երիտասարդներու կեանքերու կորուստը, հազարաւոր վիրաւորներու եւ հայ ռազմագերիներու ընտանիքներու անորոշութիւնը։
Ես հայ չեմ, բայց որպէս ֆրանսուհի կ'ուզեմ ըսել, որ Հայաստանը Ֆրանսայի քոյրն է եւ կրնայ միշտ ապաւինիլ անոր լիակատար աջակցութեան»,- իր Դիմատետրեան էջին վրայ գրած է Պուայէն: