image

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացութիւններու թիւը կ՚աճի

Հայաստանի մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացութիւններու թիւը կ՚աճի

16 Սեպտեմբերի ժամը 11:00-ի դրութեամբ՝ նոր «Քորոնա» ժահրի վարակուելու 764 նոր դէպք արձանագրուած է, վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 251323 դէպքի: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնէն:

Ընդհանուր հետազօտութիւններու թիւը կը կազմէ 1633587, վերջին մէկ օրուայ մէջ` 6049 նոր հետազօտութիւն:

Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 10649 հիւանդ: Մէկ օրուայ մէջ աւելցած է 237-ով:

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 234416 անձ` վերջին մէկ օրուայ մէջ 506 անձ:

Մէկ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 19 քաղաքացի, մահացածներուն թիւը 5075 է:

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուաած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերուն ընդհանուր թիւը 1183 է: