image

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը կարեւորած է զբօսաշրջութիւնը

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը կարեւորած է զբօսաշրջութիւնը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զբօսաշրջային եւ ինքնաշարժներու ակումբի եւ ՀՀ ինքնաշարժներու ֆետերացիայի միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան մասին պայմանագիր: Միջոցառման ներկայ էր նաեւ ՀՀ-ի մօտ Իրանի դեսպանը:

Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանի, յիշատակելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդի հանդիպումը, միջոցառման ընթացքին ընդգծած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման ուղղուած քաղաքական վճռականութիւնը։

Անդրադառնալով երկու երկիրներու մշակութային յարաբերութիւններու կարեւորութեան՝ Մեհտի Սոպհանին զբօսաշրջութիւնն անուանած է այդ յարաբերութիւններու կարեւորագոյն մասը եւ ըսած. «Այս ոլորտը կրնայ մեծ ներդրում ունենալ երկու երկիրներու տնտեսական առաջընթացի եւ մարդկային կապերու մէջ»։

Ան նաեւ աւելցուցած է. «Զբօսաշրջութեան ընդլայնումը երկիրներու անվտանգութեան արտացոլումն է, եւ զբօսաշրջիկները երկու երկիրներու խաղաղութեան, բարեկամութեան, անվտանգութեան եւ հանգստութեան սուրհանդակներն են»։

Դեսպանը բարձր գնահատած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան եւ ինքնաշարժներու ֆետերացիայի եւ Հայաստանի ինքնաշարժներու ֆետերացիայի ջանքերը՝ ուղղուած հայ վարորդներու անձնական մեքենայով Իրան ճամբորդելու դիւրացման եւ նշած. «Այս քայլը կը մեծցնէ ճամբորդութեան հաճոյքը ուղեւորներուն համար»։

Վերջաւորութեան, Մեհտի Սոպհանի, անդրադառնալով Իրանի զբօսաշրջութեան եւ ինքնաշարժներու ֆետերացիայի պատմութեան ու միջազգային կազմակերպութիւններուն անդամակցութեան, հայկական կողմին կոչ ըրած է օգտուելու այս մեծ կարողութիւններէն։