ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի օդի ջերմաստիճանի կտրուկ նուազում:
Հոկտեմբեր 21 լոյս 22-ի գիշերը եւ 22 լոյս 23-ի գիշերը Արարատեան դաշտին մէջ` յատկապէս Արմավիրի մէջ, օդին մէջ կը կանխատեսուի մինչեւ -1, հողի մակերեւոյթին` -3, -4 աստիճան ցուրտ: